Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Շաբաթ, 23 Փետրուար 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, որ Լոս Անճելըս ժամանած էր իբրեւ բանախօս Հ.Յ.Դ. օրուան տօնակատարութեան։ Յարգելի հիւրին կ’ընկերանային Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ հոգեւոր հայրեր, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան ու անդամներ։

Առաջնորդ Սրբազանն ու հիւրընկալ վարչականները ողջունեցին Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները եւ շնորհաւորեցին նորընտիր Բիւրոն ու անոր ներկայացուցիչ ընտրուած Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ եւ առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերու մէջ տեսակէտներ փոխանակելու Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի այժմու հարցերուն ու ապագայի հեռանկարներուն մասին։ Հիւր ներկայացուցիչը իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց հիւրընկալման եւ օգտակար հանդիպումին համար, գնահատելով Ազգային Առաջնորդարանի եւ ընդհանրապէս մեր Եկեղեցւոյ դերը՝ հայութեան կեանքին մէջ, որուն գործակից եղած է ու կը մնայ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022