Ամանորի առիթով, եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Հ.
buy clomiphene online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/clomiphene.html no prescription
Յ.Դ. Արեւմտեամ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչները՝ Տոքթ. Քարմէն Օհանեան եւ Տեարք Աւետիք Իզմիրլեան, Կարօ Իսբէնճեան եւ Գօգօ Թօփալեան Հինգշաբթի, 3 Յունուար 2019-ի յետմիջօրէին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։
Այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր շնորհաւորանք եւ բարի մաղթանքներ փոխանակել տօնական օրերու առիթով։ Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու հայութիւնը յուզող հարցերու շուրջ, մեր Թեմին թէ Հայաստանի իրադարձութեանց լոյսին տակ։ Առաջնորդ Սրբազանը եւ ներկաները մաղթեցին, որ 2019 տարին ըլլայ մեր հասարակական կեանքը աւելի հաստատուն քայլերով յառաջ տանելու եւ բոլոր միաւորներուն միջեւ գործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու բեղուն շրջան մը։