Շաբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէութիւնը տօնեց իր հիմնադրութան 60-րդ տարեդարձը։ Կազմակերպուած էր պաշտօնական ընթրիքի երեկոյ մը, որուն ներկայ եղաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու քաղաքական ներկայացուցիչ՝ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան եւ անդամներ, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ փոխ-ատենապետ՝ Տիար Կարօ Էշկիան, հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայորդիներ։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով։ Սեղանի օրհնութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրբազանը որմէ ետք՝ արտասանեց իր շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսքը։ Ան նշեց, որ այս երեկոն նուիրուած է կոմիտէութեան հիմնադրութեան 60ամեակին. ամէն բանէ առաջ, հանդիսութիւնը առիթ է հաստատելու, որ վեց տասնամեակ առաջ սկիզբ առած երթը պիտի շարունակուի վերանորոգ խանդավառութեամբ, աննահանջ կամքով, մեր ազգային տեսիլքներն ու երազները իրականացնելու ուխտը վերահաստատելով։ Ան շարունակեց մատնանշելով, որ ինչպէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան ծնունդը՝ մեր մայր հայրենիքին մէջ, նոյնպէս ալ անոր իւրաքանչիւր միաւորին գոյառումը արդիւնք է ժողովուրդի կարիքներուն։ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւնը նման պահանջի ծնունդ էր 60 տարի առաջ, երբ հայութիւնը այս շրջանին մէջ ունեցաւ աճ եւ վերածուեցաւ կազմակերպ համայնքի։ «Ռոստոմ» կոմիտէութիւնը եղաւ այն կամուրջը, որ ո՛չ միայն իր շուրջ համախմբեց շրջանի հայութիւնը, այլ նաեւ անոնց մէջ վառ պահեց հայկական արժէքները եւ հայութեան աւանդներուն հաւատարմութեան յանձնառութիւնը, իր գործօն դերակատարութիւնը ունեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի, մարզական ու մշակութային միաւորներու կազմաւորման մէջ, մայր հայրենիքին հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը վերածեց հայ հոգիներ ջերմացնող հնոցի։ Այս կամքով ալ անիկա գործեց 60 տարի։
Առաջնորդ Սրբազանը նկատեց, որ «հայ հաւաքականութեան իրա՛ւ ծառայողները ընդհանրապէս գործած են ու կը գործեն անաղմուկ, անոնց համար հոգեկան գերագոյն բաւարարութիւնը կ’ըլլայ իրենց գործին պտղաբերումը։ (…) Գիտենք, որ դաշնակցականը չի գործեր փառքի ու փառաբանանքի համար, այլ ան մեր ժողովուրդին ծառայող զինուորն է, պատասխանատուութիւնները յանձն կ’առնէ այս հոգիով, նուիրաբերելու պատրաստակամութեամբ։ Դաշնակցականը կը ծառայէ իր անմիջական շրջապատին, կը ծառայէ հայրենիքին, ու ամէնէն կարեւորը՝ եղած է ու կը մնայ մեր հայրենական ու ազգային իրաւունքներուն պաշտպանը, Հայ Դատի պահանջատէր յառաջապահը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ վերադառնալով պատմութեան, յիշեցուց, որ «դաշնակցականներ այս մօտեցումով կերտած են մեր ազատագրական պայքարը, հիմնած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն 100-ամեակը պիտի տօնենք յաջորդ տարի, այս խստապահանջութեամբ հետամուտ եղած են Ցեղասպաններուն արդարահատուցման, Սարդարապատի հոգին հաղորդած են Արցախի այսօրուան ազատամարտիկներուն», «Ռոստոմ» կոմիտէի իւրաքանչիւր անդամ ու համակիր վստահաբար հաղորդ են ու գիտակից՝ ճշմարտութեանց։ Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհաւորելով տօնակատարողները, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ վարձահատոյց ըլլայ անցեալի ու ներկայի բոլոր ծառայողներուն, առիթ ընծայելով, որ այս շրջանին մէջ վեց տասնամեակ առաջ բարձրացուած Դաշնակցութեան դրօշը նոր բարձունքներ նուաճէ ի խնդիր մեր ազգային իրաւունքներու պահպանման ու հայ կեանքի բարգաւաճման։
Բացման խօսքը արտասանեց հանդիսավարը՝ Տիար Արմէն Յովհաննէսեան։ Հիւրընկալը՝ Տիար Մայք Սարեան արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, ապա նաեւ՝ կոմիտէի նախկին հերթապահներու գնահատանքի արտայայտութիւն։ Կոմիտէն ազնիւ մտածումը ունեցած էր գնահատագիրներ յանձնելու վաստակաւոր նուիրեալներու եւ ծառայողներու, որոնք գործած են անցեալ 60 տարիներուն։ Կոմիտէութեան անունով խօսք առաւ Տիար Հրայր Նահապետեան։
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, զոր մարմնաւորեցին Սալբի եւ Սօսի Քերքոնեան։ Պաշտօնական յայտագիրէն ետք, գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, մասնակցութեամբ Գոգօ Հայիթեանի եւ իր նուագախումբին։