Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Տիար Իշխան Սապաթելեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 5 Փետրուար 2020-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըս գտնուող Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Տիար Իշխան Սաղաթելեանի։

Յարգարժան հիւրին կ’ընկերանային Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներէն Տեարք Կարօ Իսբէնճեան եւ Հրայր Կարապետեան։ Հանդիպման ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Տիկին Քնար Գորթոշեան։

Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալստեան խօսքով, ողջունեց հայրենի հիւրը ազգի տան մէջ, ուր իւրաքանչիւր հայ իբրեւ հարազատ կ’ընդունուի եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր հայրենանուէր առաքելութեան ու ծառայական կեանքի պատասխանատուութեան մէջ։

Յանուն Ազգային Վարչութեան, սրտի խօսք արտասանեց Տիար Էշկիեան, մաղթելով, որ նման այցելութիւններ յաճախ կրկնուին. ապա բարի գործնուէութիւն մաղթեց հիւրին, ինչպէս անցեալին, ապագայի համար եւս վերահաստատելով մեր Թեմին զօրակցութիւնը Հայաստանի ու Արցախի վերականգնումի աշխատանքներու աւելի եւս բարգաւաճման։

Տիար Սաղաթելեան շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած առիթին ու ջերմ ընդունելութեան համար, ապա հակիրճ կերպով անդրադարձաւ ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ պատմական ու ազգաշէն ծառայութեան, յատկապէս կեդրոնանալով Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին դարաւոր դերակատարութեան վրայ, Սփիւռքի մեր գաղութներու հայապահպանման ու ծաղկումին իր մեծ առաքելութեան մէջ։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ լուսաբանութիւններ փոխանցելու Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին ու հովանիին տակ տարուող եկեղեցաշէն ու սերնդակերտ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքի տնտեսական, կրթական, ազգային արժէքներու պահպանման, ազգային քաղաքականութեան ու կենցաղային մակարդակի բարելաւման, արտագաղթի կանխարգիլման ծիրերուն մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին։ Վեր առնուեցան ընդհանրապէս պատասխանատուութեամբ ու բարձր գիտակցութեամբ ծառայելու, Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ու փոխադարձ զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ մեր իրաւունքները աննահանջ կերպով շարունակելու եւ հայրենաշինութեան նուիրուելու հրամայականները։

Հանդիպումին աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Ազգ. Առաջնորդարանի յուշանուէրը յանձնեց յարգելի հիւրին եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոր։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022