Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտները Հինգշաբթի, 23 Մայիսին առաւօտուն այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան։
Վարժարանի ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էր Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, հոգեւոր հայրերն ու աշակերտները ունեցան աղօթքի պահ մը, միասնաբար երգելով «Հայ Մեր»ը եւ «Առաւօտ Լուսոյ»ն։
Աշակերտները համախմբուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ եւ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիրը մը, երգելով «Տուն իմ Հայրենի» եւ «Անոյշ Հայրենիք» հայրենասիրական երգերը, դաշնակի ընկերակցութեամբ իրենց երաժշտութեան դասատու՝ Պրն. Արիք Գէորգեանին։
Առաջնորդ Սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ աշակերտները նոյն օրը պիտի այցելէին Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարան, միասնաբար տօնախմբելու Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը։
Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս վարժարանը իր սրտին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ շուրջ 32 տարի առաջ իբրեւ ուսուցիչ երկար ատեն դասաւանդած է անոր յարկին տակ եւ հրճուանք կ՛ապրի լսելով այդ վարժարանին յաջողութիւններուն մասին։ Ան մաղթեց, որ աշակերտները ըլլան բարի, պայծառ, լուսամիտ եւ ինչ որ սորվին, աւելիով վերադարձնեն իրենց սիրելի վարժարանին, ուրկէ ստացած են ո՛չ միայն ուսում, այլ հայեցի դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն։
Ան օրհնեց աշակերտները, ուսուցչական կազմն ու տնօրէնութիւնը, աղօթելով, որ Աստուծոյ պաշտպանութիւնն ու փրկարար աջը ըլլայ անոնց վրայ։ Ան շրջանաւարտ աշակերտներուն թելադրեց երախտապարտ ըլլալ իրենց վարժարանին հանդէպ ու իր խօսքը աւարտեց ըսելով «Ձեր յաջողութիւններով հարստացած պիտի վերադառնաք ձեր դպրոցը, որպէսզի անոր ցանած սերմերուն արդիւնքը փոխադարձաբար վայելէ նաեւ ձեր վարժարանին ընտանիքը»։
Հանդիպումը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։
Մեկնումի պահուն աշակերտները իբր յուշանուէր ստացան հայկական խաչեր։