Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանը Շաբաթ, 24 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից «Ղուկասեան« սրահին մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց հիմնադրութեան 32-րդ տարեդարձը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ներկայ էին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, հոգաբարձութեան անդամներ, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ատենապետ Տիկին Լիզա Կապուտեան, վարժարանի Ուսումնական մարմինի անդամներ եւ ներկայացուցչական դէմքեր։
Երեկոն կազմակերպուած էր «Ծաղկինք Միասին« նշանախօսքով։ Վարժարանի Ուսումնական Մարմինին անունով բացման խօսքը արտասանեց Տիար Գէորգ Քէշիշեան։ Տէր Հայրը կատարեց բացման աղօթքը։ Վարժարանի չորրորդ եւ երկրորդ դասարաններու աշակերտներէն՝ Արփի Այվազեան եւ Քրիսթինա Թաթարեան հանդէս եկան արտասանութեամբ ու երգով։ Տնօրէնուհին՝ Օր. Սանան Շիրինեան հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց վարժարանի յարկին տակ տարուող աշխատանքներն ու արձանագրուած նուաճումները, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց վարժարանի ընտանիքին, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, որ բացառիկ յատկացում մը կատարած է ընթացիկ տարեշրջանին։
Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց իր բարեմաղթութեան, շնորհաւորանքի ու օրհնութեան խօսքը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարժարանի ընտանիքին գործակցական ոգիին մասին, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ դպրոցը յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ 32 տարիէ ի վեր, ու երանութեամբ յիշեց վարժարանի հիմնադրութեան օրերը։ Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը աւելի քան 30 տարիներ առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչի առաքելութեան օրերուն, դասաւանդած է վարժարանին մէջ։ Ան օրհնեց յիշատակը հիմնադիրներուն, որոնք առաջնորդուած էին տեսլականով, ու ժամագիրքին բառերուն հետեւողութեամբ, երանի տուաւ բոլոր անոնց, որոնք եկեղեցին ու դպրոցը շինած են։ Ան նաեւ գնահատանք արձանագրեց տնօրէնուհիին, վարժարանի ծառայողներուն, ծնողներուն ու շրջանաւարտներուն։ Վերջապէս, ան գնահատանք արձանագրեց վարժարանին անցեալի ու այժմու բոլոր նուիրեալ ծառայողներուն, բարերարներուն ու բարեկամներուն, որոնք տարիներ շարունակ գործած են միասնական ոգիով, հետեւողութեամբ այս երեկոյի նշանախօսքին եւ որոնց ձեռքերուն միացումով յառաջ կ’ընթանայ այս ուսումնարանը։