Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ՝ ՃՇՄԱՐԻՏ ՈՒՂԻՆ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ
Ս. Զատկուան Տօնը անգամ մը եւս իր հրաշալի խորհուրդով մեր հոգիները կը լեցնէ՝ Աստուածային օրհնութեամբ ցնծալու եւ Զինք փառաւորելու Իր մեծագոյն պարգեւին համար, զոր մեզի շնորհեց Ս. Զատկուան հրաշագեղ առաւօտուն, Իր Միածին Որդւոյն՝ մեր փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Յարութեամբ։
Հրաշքներուն գերագոյնը, յաղթանակներուն մեծագոյնը՝ Ս. Յարութեան խորհուրդը մարդկութեան առջեւ բացաւ նոր ճանապարհ մը, արթնցուց հոգիները, նոր ոյժ, նոր ուրախութիւն, նոր յոյս եւ նոր կեանք պարգեւելով։ Ս. Յարութեան խորհուրդը նոր դուռ մը բացաւ, նոր իմաստ եւ ուղղութիւն տալով այլապէս դատարկ ու մահկանացու կեանքին, միաժամանակ Աստուծոյ ներկայութեան հասնելուն անցքը հանդիսացաւ։ «Ես եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի…»։ (Յհ. 10։9)։
Նախամարդոց անկումը պատճառ եղաւ մարդուն կործանման եւ մահուան դատապարտութեան։ Սակայն մարդուն հանդէպ Աստուծոյ սէրը նոր եւ յաւիտենական ուխտ մը կնքեց իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որ եղաւ Գառն Աստուծոյ, եւ աշխարհի մեղքերը Իր վրայ առաւ, ընդմիշտ վերահաստատելով Աստուծոյ եւ մարդուն յարաբերութիւնը։ «Քրիստոս արդարեւ մեռելներէն յարութիւն առած է, որպէս առաջին օրինակ՝ մեռելներու յարութեան։ Ինչպէս մարդով մը սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մարդով մը սկիզբ կ՚առնէ մեռելներու յարութիւնը։ Ինչպէս Ադամէ ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան»։ (Ա. Կրն. 15։20-22)։
Մարդը, որ յաւիտենական պատիժի էր դատապարտուած, Քրիստոսի փրկարար զոհագործութեամբ վերստին ժառանգեց փրկութեան խոստումը։ Արդարեւ, մեր Փրկչին Յարութիւնը եւ մահուան վրայ տարած յաղթանակը նոր հեռանկար մը շնորհեց մարդուն կեանքին։
Որքա՜ն խոր էր առաքեալներուն եւ աշակերտներուն անձկագին հոգեվիճանը, երբ անոնք ականատես եղան իրենց սիրելի վարդապետին տառապանքին ու չարչարանքներուն, որ գագաթնակէտին հասաւ Անոր խաչելութեամբ։ Երեք օրեր ետք, սակայն, իրենց յուսահատութիւնը փոխակերպուեցաւ ցնծութեան, երբ վկաները հանդիսացան յարուցեալ Փրկչին։ Անոնք իրենց հաւատքին մէջ վերածնան եւ նոր ցնծութեամբ եւ յոյսով լեցուեցան՝ նոր եւ ճշմարիտ կեանք մը ունեցան։ «…Քրիստոս Հօրը փառքով յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս ալ մենք նորոգուած կեանքով ապրինք»։ (Հռ. 6։4)։
Քրիստոսի Յարութիւնը հրաշալիօրէն փոխեց կեանքը առաքեալներուն, աշակերտներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ստացան Ս. Յարութեան աւետիսը, որոնց շարքին՝ մեր հաւատքի նախահայրերը։ Մեր նախահայրերը Ս. Յարութեան վկայութիւնը ստացան եւ զայն հաւատարմութեամբ ընդունեցին, եւ որուն պատգամն ու խոստումը մեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան փարոսը հանդիսացաւ։ Մեր ազգը վերստին ծնաւ։ Ամբողջ ժողովուրդ մը ընտրեց Քրիստոսի յարութեամբ լուսաւորուած եւ պայծառացած ուղին, որ նոր շունչ բերաւ մեր կեանքին եւ մեր պատմութեան ճանապարհը միանգամընդմիշտ փոխակերպեց։
Սիրելի հաւատացեալներ,
Քրիստոսով ապրուած կեանքը միակ ճշմարիտ կեանքն է։ Ս. Յարութեան Տօնը հրաւէր մըն է բոլորիս՝ ընտրելու լոյսի եւ կեանքի ճանապարհը, որդեգրելու բարութեան ուղին, ցանելու սիրոյ, ազնւութեան եւ ողորմածութեան սերմերը՝ յարուցեալ Փրկչին ճշմարիտ օրինակով։ Երբեք ուշ չէ դարձի գալը, մեր հին կեանքը մեր ետին ձգելը եւ նոր ուղի, նոր կեանք սկսիլը, մեր Փրկչին փրկարար Ս. Արիւնով մաքրուելով։ Այս խոստումին մեծագոյն հաւաստիքը խաչելութեան պահուն երկու աւազակներուն երեւոյթն է։ Իր կեանքի վերջին պահուն, խաչեալ աւազակներէն մին ընտրեց Քրիստոսի յարութեան լոյսով ապրիլ, ու մեր Փրկչին դիմելով խնդրեց որ իր արքայութեան մէջ յիշէ զինք։ «Յիսուս ըսաւ անոր. վստահ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ»։ (Ղկ. 23։43)։
Այո, Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որ մեզ փրկէ մեղքի եւ մահուան սպառնալիքէն, արդարութեան եւ փրկութեան շնորհքը պարգեւելու համար մեզի։ Միաժամանակ, Աստուած կամքով ազատ ստեղծեց մեզ, որպէսզի չարի փոխարէն բարին ընտրենք եւ մեղքի վրայ յաղթանակ տանելով՝ զինք ընդունինք։ Սիրելիներ, մեր Փրկիչը մեր դուռը կը թակէ, ընտրութիւնը մերն է. ընդունինք զինք մեր սրտերուն մէջ եւ մեր կեանքը ապրինք Ս. Յարութեան լոյսի ճշմարիտ իմաստով եւ նպատակով. այլապէս պիտի իյնանք խաւարի մէջ, մեղքով եւ չարով կուրցած։
Մեր հաւատքի ախոյեան նախահայրերը արդարօրէն ընտրեցին ճշմարիտ կեանքի ճանապարհը։ Եկէ՛ք, ճշմարիտ հետեւորդները ըլլանք իրենց իտէալ օրինակին, մեր հաւատքը դարձնելու զսպանակի ոյժը մեր կեանքին։ Չարը, ատելութիւնը եւ խաւարը վանելով մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքերէն՝ հետեւելու ճշմարիտ լոյսի աղբիւրին, որ մեզ պիտի առաջնորդէ խոստացուած «առաւել կեանքին»։ «… Ես եկայ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան»։ (Յհ. 10։10)։
Ս. Յարութեան այս տօնին, եկէ՛ք, ուխտենք մեր հայրերուն աւանդը հարազատօրէն շարունակել եւ մեր հաւատքի քաջ վկաներն ու անվեհեր քարոզիչները հանդիսանալ։ Մեր կեանքի ու առաքելութեան հանգանակը դաձնենք լոյսի, բարութեան, սիրոյ եւ ճշմարտութեան ուղին։
Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, մեր հայրական սէրն ու բարեմաղթութիւնները կը յղենք Թեմիս հոգեւոր դասուն, ազգային իշխանութեան եւ ժողովականութեան, երեսփոխանական կազմին, ծխական շրջաններու եւ կրթական հաստատութեանց նուիրեալներուն, մեր միութեանց եւ կազմակերպութեանց ու մեր բարեպաշտ ժողովուրդին։
Թող Ս. Յարութեան յաղթական Աւետիսը պայծառացնէ եւ ոգեւորէ մեր կեանքը, լուսաւորէ մեր սրտերը եւ ամրապնդէ մեզ յաղթական հոգիով, անմահութեան յոյսով եւ յաւիտենական կեանքի խոստումով ու վստահութեամբ։
Ս. Յարութեան Տօնի կենսատու պատգամով ներշնչուած, եկէ՛ք, միասնաբար յաղթական երգով գոչենք. «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. նմա փառք, յաւիտեանս. Ամէն»։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի
Ս. Զատիկ, 2013