Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019-ի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի նախագահ Տիկին Մարիա Մեհրանեանի։
Յարգելի հիւրը Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու ամանորի եւ Ս.
buy eriacta online herbalshifa.co.uk/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/eriacta.html no prescription
Ծննդեան տօնին առիթով։ Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու Հիմնադրամի աշխատանքներու ընթացքին մասին, մեկնելով Նոյեմբերի Թելեթոնի արդիւնքներէն մինչեւ անմիջական ու աւելի հեռու ծրագիրներ։
Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց Տիկին Մ. Մեհրանեանի ու ընդհանրապէս Հիմնադրամի աշխատանքներուն, այն համոզումով, որ աշխարհատարած հայութեան ներդրումները իբրեւ արգասաբեր կաթիլներ պիտի հասնին Արցախի ու Հայաստանի բարգաւաճման դաշտերուն։