Հայ-Ամերիկեան Բժշկագիտական Ընկերակցութեան 30-ամեակի Տօնախմբութիւն


Հայ-Ամերիկեան Բժշկագիտական Ընկերակցութիւնը իր 30րդ տարեդարձը նշեց Շաբաթ, 7 Մայիսին, պաշտօնական ճաշկերոյթ-ընդունելութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ «Պեւըրլի Հիլզ» պանդոկին մէջ: Այս առիթով, պատիւի արժանացան Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի նախկին նախագահներէն՝ Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի Adventist Medical Center-ը եւ Dignity Health Glendale Memorial Hospital and Health կեդրոնը:

Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ տօնախմբութեան եւ կատարեց բացման աղօթքը: Ան այս ուրախ առիթով շնորհաւորեց ընկերակցութեան անդամները, գնահատելով անոնց բազմամեայ ծառայութիւնը Հայաստանին ու Սփիւռքին: Ան նաեւ գնահատանք արձանագրեց պատիւի արժանացողներուն մասին, վեր առնելով անոնց մարդասիրական սպասարկութիւնները, ու ողջունեց այս ընկերակցութեան զօրակից եղողները:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022