Երեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2015ին, Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի շինութեան ծրագրի մասին խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանի եւ քաղաքի վերակացու Սքաթ Օչոաի հետ։ Հանդիպումին մասնակցեցան թանգարանի խնամակալութեան համա-ատենապետներ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ թանգարանի շինութեան յանձնախումբի ատենապետ Տիար Պերճ Կարապետեան։
Խորհրդակցութեան նպատակն էր քննարկել քաղաքին պատկանող քաղաքապետութեան հանդիսասրահի (Civic Auditorium) կից գտնուող 1.7 արտավար տարածութեամբ հողամասի մը վրայ թանգարանի շինութեան Ground Lease-ի համաձայնագիրի պայմանները։
Հանդիպումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գոհուկանութիւն յայտնեց Կլենտէյլի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան թանգարանի շինութեան ծրագրին։ Թանգարանի իրագործումը հանրութիւնը պիտի մղէ մշակութային բազմազանութեան ընդունման եւ գնահատանքին, որ պիտի արդիւնաւորուի հանդուրժողութեան ոգիով եւ նախապաշարումներու առաջքը առնելով, հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը։