Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Նախագիծի Ներկայացում


Հինգշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2016-ին, Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի եւ Մշակութային Կեդրոնի Վարչութիւնն ու Գործադիր Մարմինը Կլենտէյլի «Brandview Ballroom»ին մէջ կազմակերպած էին ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ թանգարանի ծրագիրին նախագիծը։ Ներկայ էին համայնքի հոգեւոր եւ ազգային ղեկավարներ, պետական անձնաւորութիւններ, բարերարներ եւ միութեանց ներկայացուցիչներ։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ վարչութեան չորս համա-ատենապետներուն՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովիւ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի աղօթքով:

Հանդիսավարն էր Գործադիր Մարմինի անդամ Տիար Զաւէն Գազազեան։ Ան ողջունեց ներկաները, ապա նաեւ պաշտօնական հիւրերը՝ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի նախագահ Քեւին Տը Լէոնի ու խորհրդարանի խօսնակ Էնթընի Ռէնտընի ներկայացուցիչները, Ծերակոյտի նորընտիր անդամ Տիար Էնթընի Փորթանթինոն, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Տիար Ատրին Նազարեանը, Կլենտէյլի քաղաքապետ Փօլա Տըւայնը ու խորհուրդի անդամներ եւ բարերարները։

Ներկաները դիտեցին Թանգարանի նախագիծի եռահարթակ (3D) տեսանիւթը, ապա, քաղաքապետ Փօլա Տըւայն փոխանցեց իր խօսքը։

Խորհրդարանի անդամ Տիար Ատրին Նազարեան արժանացաւ գնահատանքի. ան ծերակուտական Քէրըլ Լուի հետ գործակցաբար նախաձեռնողը եղած էր Քալիֆորնիոյ Նահանգի 2016-2017 տարուան պետական պիւտճէին մէջ մէկ միլիոն տոլար ապահովելու ճիգին։ Այս առաջարկին զօրակցած էին ծերակուտական Տը Լէոն եւ խորհրդարանի խօսնակ Ռենտըն. առաջարկը վաւերացուեցաւ Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Ճերի Պրաունի կողմէ:

Տիար Գազազեան հրաւիրեց Թանգարանի ճարտարապետներէն Տիար Արամ Ալաճաճեանը, որպէսզի ներկայացնէ նախագիծի նորագոյն զարգացումները։

Գնահատանքի արժանացան նաեւ Գործադիր Մարմինի անդամները՝ իրենց տարած աշխատանքներուն համար։

Յայտագիրին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Գործադիր Մարմինի տտենապետը՝ Տիար Պերճ Կարապետեան, որ կոչ ուղղեց համայնքին՝ նպաստ բերելու այս ծրագիրին իրականացման:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022