Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի համաձայնագիրի ստորագրում Կլենտէյլի քաղաքապետութեան հետ

ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒՄ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 15 Օգոստոսի առաւօտուն, Կլենտէյլի քաղաքապետարանին գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի համաձայնագիրին ստորագրումի արարողութիւնը՝ քաղաքապետութեան ու թանգարանի հիմնադիր խորհուրդի ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Իբրեւ այս մարմինի համա-ատենապետ՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ արարողութեան։ Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանար Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեան։

Նշենք, որ քաղաքապետական խորհուրդը Երեքշաբթի, 14 Օգոստոսին միաձայնութեամբ որդեգրած էր համաձայնագիրին տարազը։

Չորեքշաբթի առաւօտուն, քաղաքապետութեան եւ թանգարանի ներկայացուցիչները, ստորագրումի արարողութենէն առաջ, քաղաքի գրադարանին մէջ ունեցան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, շեշտելու համար պատմական որոշումը։ Բացման խօսքը արտասանեց Թանգարանի վարչական խորհուրդի ատենապետ Տիար Պերճ Կարապետեան։ Խօսք առին Կլենտէյլի քաղաքապետ Տիար Զարեհ Սինանեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, անդրադառնալով ծրագրուած թանգարանի կարեւորութեան, մէկ կողմէ՝ նման թանգարանի մը նոյնինքն Կլենտէյլի մէջ հաստատման, ու միւս կողմէ՝ պատմական եւ մշակութային դաստիարակչական կեդրոն մը ըլլալու անոր նկարագիրը, իբրեւ ամերիկեան ընկերութիւնը կազմող միաւորներուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն ու հանդուրժողութիւն տարածող կեդրոն։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ համաձայնագիրին ստորագրումի արարողութիւնը, որուն իր ստորագրութեամբ, յանուն Արեւմտեան մեր Թեմին մասնակցութիւն բերաւ Առաջնորդ Սրբազանը։ Ըստ համաձայնութեան, Կլենտէյլի կեդրոնական ծանօթ շրջանին մէջ, «Ամերիքանա»ին դիմաց, այս ծրագիրին համար պիտի տրամադրուի հողաշերտ մը, 55 տարուան համար, տարեկան մէկ տոլարի խորհրդանշական վարձքով, այս ժամանակի սպառումէն ետք, համաձայնութիւնը վերանորոգելի է 10-ական տարիով, մինչեւ 95 տարի։ Ծրագիրը կը կարօտի մեծ գումարի, որ պիտի գոյանայ հանգանակութիւններու եւ բարերարներու ճամբով։

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022