Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Հիմնադիր Նուիրատուներուն

Չորեքշաբթի, 22 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Հայ¬Ամերիկեան Թանգարանը ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր, Կլենտէյլի քաղաքապետութեան հետ Թանգարանին համար տրամադրուած կալուածին վարձակալման մասին համաձայնութեան կնքումին առիթով, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու հիմնադիր նուիրատուներուն։ Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Adult Recreation Center-ին մէջ, որ կը գտնուի տրամադրելի հողաշերտին դիմաց։ Ներկայ էին թանգարանի հիմնադիր նուիրատուները, Կլենտէյլի քաղաքապետութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Առաջնորդ Սրբազանը, իբրեւ թանգարանի վարչական խորհուրդի համա-ատենապետը, ներկայ եղաւ ընդունելութեան. Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային հոգեւորականներ եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ։

Բացման խօսք արտասանեց Թանգարանի վարչական խորհուրդի ատենապետ Տիար Պերճ Կարապետեան, որ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրինբ բոլոր նպաստողներուն։ Ան հաւաստեց որ յաջորդ փուլը պիտի իրագործուի համայնքի զաւակներուն միջեւ գործակցութեամբ։ Խօսք առին նահանգային եւ քաղաքապետութեան ներկայացուցիչներ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022