Հայ-ամերիկեան թանգարանի գործադիր յանձնախումբը կազմակերպած է պատկերասփիւռային հանգանակային անդրանիկ արշաւը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 4։00էն 10։00։ Թելեթոնին նպատակն է թանգարանին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել եւ այս պատմական ծրագիրին իրականացման համար ապահովել մեր ժողովուրդին գործնական զօրակցութիւնը։
Թելեթոնը պիտի սփռուի հայկական հեռատեսիլային կայաններէն, KVMD, Facebook live, եւ համացանցի միջոցաւ։ Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք ընել նախօրօք հեռաձայնելով 800-655-9554 թիւին, կամ առցանց նուիրելով, GiveAAM.org հասցէով։
Առաջնորդ Սրբազանը, իբրեւ թանգարանի վարչական խորհուրդի համա-ատենապետ, այս առիթով կոչ կ՛ուղղէ մեր ժողովուրդին զաւակներուն, առատաձեռնօրէն նուիրաբերելու այս ծրագիրին։
Ծանօթ է, որ Հայ ամերիկեան թանգարանին ծրագիրը ծնունդ առաւ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով. նպատակն է հաստատել Քալիֆորնիոյ հայութեան պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող բարձրորակ թանգարան մը, որ միաժամանակ հանրութիւնը քաջալերէ որդեգրելու բազմամշակոյթ մտածողութիւն եւ հանդուրժողութիւն ու դառնայ նախապաշարումներու դէմ պայքարելու կեդրոն մը։
Այս ծրագիրին գործնապէս հայ համայնքին զօրավիգ կանգնած են Քալիֆորնիոյ նահանգապետութիւնը եւ Լոս Անճելըսի ու Կլենտէյլի քաղաքապետութիւնները։