Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի 2-րդ Տարեկան Ճաշկերոյթը

Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հայ-Ամերիկեան թանգարանի 2-րդ տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ «Beverly Hilton» պանդոկէն ներս, մասնակցութեամբ հոգեւոր առաջնորդներու, պետական պաշտօնակատարներու, գաղութի ներկայացուցչական դէմքերու, բարերարներու ու բարեկամներու։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, Ազգ. Վարչութեան եւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներ։

Այս տարի, Հայ-Ամերիկեան թանգարանը պատուեց ամերիկեան նաւատորմի նախկին քարտուղար եւ պաշպանութեան փոխ-նախարար՝ Փօլ Իգնատիոսը, Լոս Անճելըս գաւառի վերակացու՝ Քաթրին Պարկըրը, եւ Քէն խաչիկեանը, որ գլխաւոր բաժնետէրն է Brownstein Hyatt Farber Schreck իրաւաբանական ծառայութեան։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ ու քայլերգներու երգեցողութեամբ։ Բացման աղօթքը կատարեցին թանգարանի վարչական խորհուրդի չորս համա-ատենապետները՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գերպ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Վեր. Պերճ Ճամպազեան, որմէ ետք անոնցմէ իւրաքանչիւրը ուղղեց իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց այն բացառիկ յառաջխաղացքը որ արձանագրուած էր նախորդ տարուան ընթացքին, շնորհիւ մեր համայնքին հաւաքական աշխատանքին եւ ընտրեալ պաշտօնակատարներու զօրակցութեան։ «Մենք իրապէս մեծ քայլեր արձանագրեցինք շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ եւ կ’աղօթենք, որ Տէրը մեզ օժտէ իմաստութեամբ, զօրութեամբ եւ Իր առաջնորդութեամբ որ կարենանք վկաները հանդիսանալ այս պատմական կեդրոնի բացման, որ պիտի ըլլայ մեր համայնքին յենակէտը, բոլոր այլ ազգային հաստատութիւններուն կողքին եւ պիտի փոխանցուի իբր աւանդ յառաջիկայ սերունդներուն», հաստատեց ան։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքի խօսք ուղղեց օրուան մեծարեալներուն, ընկերութեան մէջ իրենց ունեցած բացառիկ ներդրումին, մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն։ Ան իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով ներկաներուն որ իրենց առատաձեռն նուիրաբերումը շարունակեն ի նպաստ այս ծրագիրին յաջողութեան։

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց օրուան հանդիսավարուհին՝ Տիկին Լորա Մըքէնզիի։ Խօսք առին Թանգարանի գործադիր տնօրէն Տիար Շանթ Սահակեան եւ գործադիր ատենապետ Տիար Պերճ Կարապետեան։ Ընթրիքի ընթացքին, ցուցադրուեցաւ նախորդ տարուան իրագործումներուն մասին տեսաերիզ մը, ու ներկաները վայելեցին հայկական երաժշտութիւն։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Տիար Անթընի Փորթանթինոյի, Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Էտըմ Շիֆի եւ Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի հարցերու յանձնակատար՝ Տիար Զարեհ Սինանեանի ելոյթներով։

Ապա, տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւնը, որմէ ետք մեծարեալները արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը։

Յայտագիրը վերջ գտաւ հանդիսավարուհիին եւ ատենապետին փակման խօսքերով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022