Կիրակի 25 Օգոստոս 2019-ին, Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի 20-րդ տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան կարգ մը անհատներ եւ կազմակերպութիւններ որոնք նեցուկ եղած էին Հիմնարկի առաքելութեան։
Այս տարուան մեծարեալներն էին՝ Ճորճ Թիթիզեան – «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակ, Տիանա Արթունեան, Մարք Կիրակոս, Տոքթ. Գարօլան Նաճարեան եւ Ստեփան եւ Լինտա Վարդանեաններ – «Տեսլական»ի մրցանակ, Լոս Անճելըսի Քաղցկեղի կեդրոն – «Տարուան կազմակերպութիւն» մրցանակ, Անեթ Փոսթիք, Արա Սուճեան եւ Դոկտ. Միկանոյշ Ստեփանեանս – «Տարուան կամաւորներ» մրցանակ։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ կատարեց բացման աղօթքը։