Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Վարչութեան Ներկայացուցիչները Այցլեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ հիմնարկի հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտընի: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։

Յանուն Ոսկրածուծի Հիմնարկին, Դոկտ. Ճորտըն առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ ամէն տարի սիրայօժար կ’ընդառաջէ Վարչութեան փափաքին այցելելու Ազգ. Առաջնորդարան եւ տեղեկանալու հիմնարկի աշխատանքի մարզերուն ու հետագայի ծրագիրներուն մասին։

Ներկայացուցիչները ուրախութեամբ յայտնեցին, թէ այս տարի աւելի եւս ընդարձակուած է իրենց աշխատանքի ծիրը հասնելով մինչեւ Յունաստան, ոսկրածուծի պատուաստումի համար նուիրաբերողներու ցանկը նոր աճ արձանագրած է եւ անմիջական ծրագիրի մէջ է հասնիլ նաեւ հեռակայ նոր հայաշխարհներու։

Դոկտ. Ճորտըն երախտագիտութեամբ նշեց արձանագրուած յաջողութեանց մէջ գաղութի կազմակերպութեանց ու զանազան հիւանդանոցներու ներդրումը։ Յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ միշտ Ազգ. Առաջնորդարանի տեղեկատուական եւ Թեմի եկեղեցիներու հետ գործակցութեան դաշտը տրամադրելով սատար կը հանդիսանայ Հիմնարկի աշխատանքներուն ու մատուցած ծառայութիւններուն մասին ծանօթացման աշխատանքին:

Նշուեցան նաեւ Հիմնարկի յառաջիկայ գլխաւոր ծրագիրները, որոնք բոլորն ալ կը միտին մարդասիրական այս աշխատանքին նպատակն ու անոր մասնակցութեան կարելիութիւնները ընդլայնելու ու նոր հայաշխարհներ ներառելու։

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց տարուած հսկայ աշխատանքը, օրհնեց կամաւոր ծառայութիւն մատուցող բոլոր անդամները եւ յուշանուէրներ փոխանցեց ներթկայացուցիչներուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022