Շաբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2018-ին, Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի 13-րդ տարեկան հանգանակային քայլարշաւը, որուն նպատակն էր Հիմնարկի գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը ծանօթացնել հանրութեան մօտ եւ զօրակցութիւն ապահովել։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ կատարեց երթին բացման աղօթքը։ Ան փոխանեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւններն ու գնահատանքը՝ Հիմնարկի նախագահ Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտընի եւ գործակիցներուն, անոնց նուիրեալ աշխատանքին համար։