Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2019-ին, Կլէնտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի 14-րդ տարեկան հանգանակային քայլարշաւը, որուն նպատակն էր Հիմնարկի գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը ծանօթացնել հանրութեան եւ զօրակցութիւն ապահովել։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, ներկայ եղաւ Արժ. Տ Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։