Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2019-ին, Կլենտէյլի «Phoenicia» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Մշակութային Հաստատութեան Գոհաբանութեան Օրուան նուիրուած հանգանակային ընթրիքը՝ ի նպաստ «Ասպարէզ» օրաթերթին։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ եւ կատարեց բացման աղօթքը։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիան եւ անդամներ, քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։
Գոհաբանութեան Օրուան նախօրեակին, Առաջնորդ Սրբազանը նախ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին։ Ան գնահատեց ներկաներուն զօրակցութիւնը «Ասպարէզ» օրաթերթին եւ կոչ ուղղեց վերանորոգ յանձնառութեամբ թերթին աջակցիլ։ Անդրադառնալով գաղութէն ներս մամուլի ճամբով «Ասպարէզ»ի ունեցած առաքելութեան, Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն։ Ապա, շնորհաւորական խօսք ուղղեց Հայ Մշակութային Հաստատութեան նուիրեալներ ծառայողներուն եւ յատկապէս Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին։
Ապա, խօսք առին «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Տիար Արման Պաղտոյեան եւ Հայ Մշակութային Հաստատութեան ատենապետ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը։