Հայրենի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը եօթներորդ արուեստի հայրենի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի, որ երկրորդ տարին ըլլալով ժամանած է Լոս Անճելըս՝ «Դրախտի դարպաս» (“Gate to Heaven”) կոչուող իր ժապաւէնին դիտումը իրականացնելու նպատակով: Ֆիլմը քաղուած է արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերու անցուդարձերէն եւ կը ներկայացնէ իւրայատուկ պատմութիւն մը:

Բեմադրիչ Աւետիսեան պաշտօնապէս հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ ներկայ ըլլայ «Դրախտի դարպաս»ի դիտումին, Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ամերիքանա առեւտրական կեդրոնի AMC սրահին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց բեմադրիչ Աւետիսեանի՝ ֆիլմարուեստի ճարտարարուեստին մէջ հայ ազգի ու հայրենիքի գոյութենական հարցերը լաւապէս դրսեւորելուն համար եւ այս առիթով կոչ կ՛ուղղէ շրջանի հայորդիներուն, որ իրենց կարգին ներկայ ըլլան «Դրախտի դարպաս»ի դիտումներուն, քաջալերեն հայրենի երիտասարդ բեմադրիչը եւ անոր գործերուն ընդմէջէն հաղորդ դառնան հայութեան պատմութեան ու պայքարի աննկուն ոգիին:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022