Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2019-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան կազմակերպած Գոհաբանութեան օրուան աւանդական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ճաշկերոյթին ներկայ եղան Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ սեղաններու օրհնութեամբ եւ Եղբայրակցութեան քայլերգի երգեցողութեամբ։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց Սարգիս եղբայր Թահմիզեան։ Ճաշի պահուն, մեներգով հանդէս եկաւ Հրաչ եղբայր Եսայեան, իսկ Եղբայրակցութեան երիտասարդ անդամներ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր երգեր ու սաղմոսներ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Տէր Վիգէնը, որ միաժամանակ իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, որ մարդ արարածը ամէն օր պէտք է Աստուծոյ գոհութիւն յայտնէ, զԱստուած փառաբանէ եւ երբեք չմոռնայ որ Տէ՛րն է բոլոր շնորհքներու եւ բարիքներու պարգեւիչը։ «Մենք պէտք չունինք ամերիկեան Գոհաբանութեան օրուան սպասելու՝ Աստուծոյ գոհութիւն վերառաքելու համար։ Մեր ժողովուրդը մշտապէս փառք տուած է Աստուծոյ։ Բացէք «Ժամագիրք»ը եւ պիտի տեսնէք, որ մեր Ս. Հայրերը գոհաբանութեան ինչպիսի՜ աղօթքներ գրած են», ընդգծեց Տէր Հայրը։
Ապա, խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ՝ Աւօ եղբայր Գապաքչուզեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր հովանաւորութեան, ինչպէս նաեւ մշտապէս Եղբայրակցութեան վարչութեան եւ անդամներուն զօրավիգ կանգնելուն եւ աջակցելուն համար։
Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ Տէր Պօղոսի «Պահպանիչ» աղօթքով։