Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութիւնը Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Գոհաբանութեան տօնին առիթով կազմակերպած էր ճաշկերոյթ մը որ տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղան Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ սեղաններու օրհնութեամբ եւ Եղբայրակցութեան քայլերգի երգեցողութեամբ։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց Հրաչ եղբայր Եսայեան։ Ճաշի պահուն, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կազմուած էր հոգեւոր երգերով, աղօթքներով եւ սուրբ գրային դրուագի մը՝ Սիմոնի տունը Յիսուսի այցելութեան պատմութեան բեմական ներկայացումով։
Ներկաներուն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վարչութեան ատենապետը՝ Աւօ եղբայր Գապաքչուզեան, որ բացատրութիւն տուաւ Եղբայրակցութեան դերակատարութեան մասին։
Փակման խօսքը եւ Առաջնորդ Սրբազանին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Հայր Միւռոն, գնահատելով Եղբայրակցութեան գործն ու մեր եկեղեցւոյ հաւատարմութիւնը։