Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Եղբայրակցութիւնը կը Շնորհաւորէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը


Տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներ Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին Ուրբաթ, 9 Յունուար 2015ի առաւօտեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը շնորհաւորելու Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:

Եղբայրակցութեան վարչութեան չորս անդամներ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան:

Ատենապետ Աւօ Եղբ. Գապաքչուզեան, իր հոգեւոր եղբայրներուն ու Եղբայրակցութեան կողմէ շնորհաւորեց Սրբազան Հօր Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը, մաղթելով առողջութիւն ու ապագայի ծրագիրներու յաջողութիւն: Ան նաեւ իր երախտապարտութիւնը յայտնեց տարուան ընթացքին Եղբայրակցութենէն ներս հոգեւորականներու ներկայութեան ու Սրբազան Հօր յարատեւ հոգածութեան համար:

Առաջնորդ Սրբազանը, տեղեկանալէ ետք Եղբայրակցութեան անցնող տարուան գործունէութեան մասին, իր յորդորներն ու ցուցմունքները ուղղեց Եղբայրակցութեան անդամներուն, մաղթելով վարչական աշխատանքներու յաջողութիւն եւ հոգեւոր առաւել զարթնում ու աճում:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022