Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2014-ի յետմիջօրէին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան վարչութեան անդամները այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան: Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան սիրալիր ընդունելութեամբ դիմաւորեց հիւրերը, եւ ողջունեց անոնց ներկայութիւնը Ազգին տան մէջ: Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էր Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան:
Մտքերու եւ մտահոգութիւններու փոխանակումէ ետք, Վարչութեան անդամները միաբերան եւ միախորհուրդ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր զօրակցութեան եւ խորհրդատուութեան: Սրբազանը իր կարգին պատրաստակամութիւնը վերահաստատեց աջակցութեան եւ հովանաւորութեան, շեշտելով հաւատարմութեան եւ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ դաւանանքէն ու ուսուցումներէն չշեղելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Վարչութեան անդամները որդիական երախտագիտութեան իբր արտայայտութիւն, Ազգ. Առաջնորդարանին փոխանցեցին նուիրատուութիւն մը, բարեսիրական որեւէ մէկ աշխատանքի յատկացնելու փափաքով: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխադարձաբար հիւրերուն նուիրեց »Հայ Մօր Տարուան« առթիւ լոյս տեսած “Աշակերտական Աղօթքներ” գիրքէն օրնակներ եւ յաջողութիւն մաղթեց եղբայրակցութեան ապագայ ծրագիրներուն: