Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2020-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Աւօ եղբայր Գապաքչուզեանի, Նոր Տարուան աւանդական շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, որուն կողքին էր Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։
Այցելութիւնը սկիզբ առաւ ամանօրեայ բարեմաղթանքներու փոխանակումով։ Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր եւ հոգեւորականաց դասու տարուան ընթացքին պարբերաբար կատարուած այցելութեանց, ինչպէս նաեւ Եղբայրակցութեան աշխատանքներու աջակցութեան համար։ Անոնք նոյնպէս հրաւիրեցին Առաջնորդ Սրբազանը, ինչպէս ամէն տարի, Մեծ Պահքի ընթացքին այցելելու Եղբայրակցութեան կեդրոնը եւ փոխանցելու իր պատգամը։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Եղբայրակցութեան անդամներուն նուիրեալ ծառայութիւնը մեր Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան։