Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Հաւատարիմ մնալով տարիներու բարի աւանդութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Աւօ եղբայր Գապաքչուզեանի, Երեքշաբթի, 15 Յունուար 2019-ին, ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորանքի այցելութեան մը եկան Ազգային Առաջնորդարան եւ «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղան Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։

Տօնական օրերու առիթով բարի մաղթանքներու փոխանակումէն ետք, հիւր ներկայացուցիչները Առաջնորդ Սրբազանը տեղեակ պահեցին իրենց աշխատանքներէն ու ծրագիրներէն։ Անոնք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասու անդամներ հովանաւոր ու զօրավիգ կը կանգնին իրենց աշխատանքներուն, ներկայ ըլլալով տօնական օրերու եւ այլ ձեռնարկներու։ Անոնք այս այցելութիւնը նկատեցին մեր եկեղեցւոյ ու ազգային աւանդներուն նկատմամբ ուխտի վերանորոգումի առիթ։ Կարեւորութեամբ վեր առնուեցաւ եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայական ասպարէզներուն մէջ երիտասարդներու ներգրաւման կարեւորութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Եղբայրակցութեան գործունէութեան եւ մեր եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատարմութեան մասին, յաջողութիւն մաղթելով անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն։

Հրաժեշտի պահուն, հիւրերը Եղբայրակցութեան անունով խորհրդանշական նուէր մը կատարեցին Ազգային Առաջնորդարանին, իսկ Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց անոնց։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022