Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութիւնը Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի իր կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր տօնական օրերու յատուկ ձեռնարկ մը, որ նաեւ Եղբայրակցութեան այս ափերու գործունէութեան 20-ամեակը կը նշէր։ Ձեռնարկը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազանին՝ ներկայ էին առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիւանեան եւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։
Եղբայրակցութեան վարչութեան ատենապետ Աւօ եղբայր Գապաքչուզեանի ողջոյնի ու բարեմաղթութեանց խօսքէն ետք, աշակերտները ներկայացուցին Ս. Ծննդեան տօնին յատուկ շարականներ ու երգեր, կատարեցին Ս. Գրային ընթերցումներ։
Հայր Թորգոմ շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց Եղբայրակցութեան՝ 20-ամեակին առիթով, մաղթեց, որ անոր գործունէութիւնը շարունակուի մեր եկեղեցւոյ աւանդութեանց հաւատարմութեամբ եւ յորդորեց լիցքաւորուիլ Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդներով, ծառայել նուիրումով եւ խոնարհութեամբ։
Ցուցադրուեցաւ ժապաւէն մը, որ լոյս կը սփռէր Եղբայրակցութեան 20 տարիներու ծառայական գործունէութեան վրայ։
Աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան սիրոյ սեղանով։