Առաջնորդական Փոխանորդը Ներկայ Եղաւ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Գոհաբանութեան Տօնի Ձեռնարկին

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութիւնը Գոհաբանութեան տօնին առիթով կազմակերպած էր հոգեպարար եւ մտերմիկ ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ:

Յանուն Առաջնորդ Սրբազանին, սոյն հանդիսութեան ներկայ եղաւ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի, Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի եւ Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեանի:

Երեկոն սկսաւ սեղաններու օրհնութեամբ, զոր կատարեցին հոգեւոր հայրերը: Եղբայրակցութեան ատենապետը՝ Աւօ Եղբայր Գապաքչուզեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, բարի գալուստ մաղթելով հոգեւորականներուն ու բոլոր ներկաներուն:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Մանուկներ ու պատանիներ սաղմոսներ արտասանեցին, շարականներ երգեցին ու ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը, որ կը պատկերէր Կոյրին բժկութիւնը:

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը նախ յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար բարձր գնահատեց Եղբայրակցութեան անդամները, եւ ապա իր պատգամին ընդմէջէն խօսեցաւ ընդմիշտ եւ ամէն բանի համար գոհաբանական եւ փառաբանական խօսքեր, որպէս աղօթք առ Աստուած բարձրացնելու կարեւորութեան մասին, որ կարեւոր միջոց է հոգեւոր խաղաղութեան եւ հոգիի աճման։

Աւարտին, «Պահպանիչ»ով ի լրումը ունեցաւ Գոհաբանական ձեռնարկը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022