Ցեղասպանութեան 99-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ


Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2014ին, Ցեղասպանութեան 99-ամեակը նշուեցաւ հրապարակային ձեռնարկներով ու հանդիսութիւններով։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան անձամբ կամ ներկայացուցիչներով մասնակից եղաւ հետեւեալ ձեռնարկներուն.-

Հինգշաբթի կէսօրին, հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդները, հոգեւորականներ, հայկական կուսակցութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ, եւ հազարաւոր հայորդիներ համախմբուեցան Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ քաղաքական հաւաք, հոգեհանգիստ եւ ծաղկեպսակի զետեղում։ Հաւաքը կազմակերպուած էր Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Հայկական Միացեալ Մարմինին կողմէ։

Նոյն օրը, առաւօտուն, Հոլիվուտի Little Armenia շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Հայ Երիտասարդներու կազմակերպած քայլարշաւը։ Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրեր աղօթքով օրհնեցին կազմակերպող երիտասարդներն ու մասնակիցները, ապա առաջնորդեցին քայլարշաւը։

Կէսօրէ վերջ, կազմակերպութեամբ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ։ Ցոյցը շարունակուեցաւ 24 ժամ, մինչեւ Ուրբաթ, 25 Ապրիլ, կ.ե. ժամը 2։

Երեկոյեան, 13-րդ տարին ըլլալով, Կլենտէյլի քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած էր յուշ երեկոյ, քաղաքի “Ալեքս” սրահին մէջ։

Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Միացեալ Հայ Երիտասարդներու, հսկում ու մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Civic հանդիսասրահին կողքի կանգառին մէջ, ուր զետեղուած է Ցեղասպանութեան յուշակոթողը։

Դարձեալ 23 Ապիրլի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հիւպատոսարանի, տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, Հիւպատոսարանի շրջաբակին մէջ, Կլենտէյլ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022