Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի, Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2016ին, քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին հայ համայնքի կարգ մը կազմակերպութիւններ ու հաստատութիւններ, որոնց շարքին Ազգային Առաջնորդարանս, գնահատագիր ստացան Հայ Դատի յառաջընթացին մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար:
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան ներկայ եղան ձեռնարկին։
Փօլ Գրիգորեան արտասանեց բացման խօսքը. ան խօսեցաւ ժողովուրդի մը վրայ ցեղասպանական արարքներու ազդեցութեան մասին, յատկապէս կեդրոնանալով Օսմանեան պետութեան ի գործ դրած աներեւակայելի բարբարոսութիւններուն վրայ։ Ան գնահատեց բոլոր հայ կազմակերպութիւնները եւ անոնց տարած աշխատանքները, որոնք ի սպաս կը դրուին մեր պայքարին։ Փ. Գրիգորեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց իր պաշտօնակիցներուն, իրենց զօրակցութեան համար, եւ կոչ ուղղեց անոնց որպէսզի մասնակցին 24 Ապրիլի նախատեսուած արդարութեան հանրահաւաքին։ Ան այս առիթով գնահատանքի գիրեր յանձնեց իւրաքանչիւր կազմակերպութեան ներկայացուցիչին։
Սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ խորհուրդի անդամներ Փօլ Քորէթց, Միչ Օֆէրըլ եւ Պոպ Պլումընֆիլտ, կեդրոնանալով հայոց ցեղասպանութեան վրայ, ըսելով թէ աներեւակայելի եւ անընդունելի է 101 տարի ձեռնածալ սպասել փաստուած ցեղասպանութեան մը դիմաց, հետեւաբար, յոյս յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը միանայ բոլոր այն պետութիւններուն որոնք արդէն իսկ ճանչցած են հայոց ցեղասպանութիւնը։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր Տ. Նարեկ Աւ. Քահանայ շնորհակալութիւն յայտնեց Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդին իրենց զօրակցութեան համար։