Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Հանրային Վարժարաններու Հայ Ուսանողներու Յանձնախումբը՝ CASPS, ամէն տարի կը կազմակերպէ աշակերտական նկարչական մրցում մը, գնահատելու համար պատանիներուն նկարչական ձիրքերը: Մրցումին կը մասնակցին Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլի շրջաններէն աշակերտներ, 14էն 18 տարեկան: Դատական կազմը բաղկացած է արհեստավարժ արուեստագէտներէ:
Այս տարի, աշակերտներուն թելադրուած էր ներկայացնել մանկութեան կարդացած կամ լսած հեքիաթէ մը կամ իրադարձութենէ մը ներշնչուած գեղանկարներ: Մրցանակաբաշխումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 8 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի Կրթական Համակարգի կեդրոնի սրահին մէջ:
Շնորհաւորական խօսք արտասանեցին յանձնախումբին վարիչ՝ Տիկին Արսինէ Յովհաննիսեան եւ Կլենտէյլի Կրթական Համակարգի պատասխանատուներ: Յանձնախումբի համա-ատենապետները՝ Տիար Ռուբէն Կիւրճեան եւ Տիկին Մետիա Քալոկնոմոս կատարեցին մրցանակաբաշխումը: