Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման 25-ամեակին առիթով, Լոս Անճելըսի Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2016ի երեկոյեան կազմակերպած էր յատուկ ընդունելութիւն մը, Կլենտէյլի հիւպատոսարանին մէջ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով իրեն ուղղուած հրաւէրին, ներկայ եղաւ ընդունելութեան: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան եւ Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան:
Յայտագիրին մաս կը կազմէր նկարչական ցուցահանդէս՝ համաշխարհային վարկ ունեցող արուեստագիտուհի Էլիզապէթ Շահինեանի գործերուն, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ գրող եւ լուսանկարիչ Մէթիու Քարանեանի գիրքի ներկայացումը։ Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական-երաժշտական յայտագիր։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, կատարողութեամբ՝ Հայաստանէն ժամանած »Արեւիկ« մանկապատանեկան երգչախումբին։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց հիւպատոս Արմելլա Շաքարեան, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի միասնականութեան եւ վճռակամութեան կարեւորութեան մասին։ Ան Սփիւռքի նախարարութեան շքանշաններով պատուեց Էլիզապէթ Շահինեանն ու Մէթիու Քարանեանը, որոնք հայ արուեստը կը ծանօթացնեն օտարներուն եւ կը նպաստեն Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան։
Յանուն Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի նախագահ Քեւին Տը Լէոնի գրասենեակին, Պայծառ Թովմասեան հիւպատոսին նուիրեց »Փոքր Հայաստան«ի ցուցատախտակին մանրակերտը, ապա, Կլենտէյլի քաղաքապետ Փօլա Տըւայն շնորհաւորեց ներկաները եւ Հայաստան իր ուղեւորութեան յուշերն ու տպաւորութիւնները բաժնեկցեցաւ անոնց հետ։