Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2016ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը «Armenian Peace Officers» ընկերակցութեան նոր վարչութեան ներկայացուցիչներուն՝ Կրեկըրի Կապրիէլ (ատենապետ), Կապրիէլ Աքճեան (փոխ-ատենապետ) եւ Կէրի Գասպարեան (գանձապահ):
Յարգելի հիւրերը եկած էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալու իրենց նոր պատասխանատուութեան մեկնարկին առիթով: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց ծառայութիւնները ի սպաս դնելու հայ համայնքին:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց ընտրեալ պաշտօնատարները, յաջողութիւն մաղթեց անոնց ժողովրդանուէր ծառայութեան եւ օրհնեց անոնց առաքելութիւնը: Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի հիւրերուն: