Շաբաթ, 9 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան 35-ամեակի կալա-ճաշկերոյթը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ ուղղեց իր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Տիար Կարօ Մատէնլեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Մհեր Տէր Տէր Յովհաննէսեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, հայկական քոյր կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ ու բարեսիրական միութեան բարեկամներն ու բարերարները։ Ներկայ էին նաեւ պետական դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, որոնք յատուկ շնորհաւորագիրներ եւ գնահատագիրներ յանձնեցին ՀՕՄ-ին։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ հանդիսավարուհիին՝ Օր. Արշալոյս Դարբինեանի բացման խօսքով եւ քայլերգներու երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ ծանօթ երգչուհի Անահիտ Ներսիսեանի։
Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքը, ապա արտասանեց շնորհաւորանքի եւ օրհնութեան խօսք մը նշելով, որ այսօր ՀՕՄ-ի իւրաքանչիւր անդամի տօնն է։ Ան վեր առաւ ՀՕՄ-ի մարդասիրական, առողջապահական, կրթական եւ ընկերային ծառայութիւնները, որոնց ճամբով կը հասնի կարօտեալին, կարիքաւորին, Միջին Արեւելքէն նոր հաստատուած ընտանիքներուն օգնութեան ձեռք կ’երկարէ, կը հասնի տագնապի մատնուած գաղութներու. այս բոլորը կ’իրականանան Շրջանային Վարչութեան ու անոր հովանիին տակ գործող միաւորներու անձնդիր նուիրաբերումով։ Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց անցեալի ու ներկայի շրջանային վարչութիւնները, որոնք գործած են իրերայաջորդ կեդրոնական վարչութիւններու հովանիին ներքեւ։
Խօսք առին 35-ամեակի յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Վիքի Մարաշլեան, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիկ. Մարալ Մաթոսեան եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Տիկ. Սիլվա Փօլատեան։ Ցուցադրուեցաւ ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան 35 տարիներու գործունէութիւնը ցոլացնող տեսաժապաւէն մը։ Յատուկ պատիւի եւ գնատահատանքի արժանացաւ Տիկին Ճասիկ Ճարահեան, ՀՕՄ-ին մատուցած 30 տարիներու ծառայութեանց իբր երախտիք։ Անոր կամաւոր ծառայութեան բազմաբնոյթ գործունէութեան մասին եւս ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը։
Ապա, տեղի ունեցաւ մոմավառռւթիւն եւ կարկանդակի հատում։ Պաշտօնական յայտագիրէն ետք, երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով։