Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան 25-ամեակի Հանդիսութիւն


Շաբաթ, 6 Օգոստոս 2016ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան հիմնադրութեան 25-ամեակի հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ միութեան Գրական Յանձնախումբին, Կլենտէյլի Երիցական Եկեղեցւոյ մէջ։

Բանախօսն էր ազգային գործիչ եւ դաստիարակ Իրաւաբան Սեդօ Պօյաճեան, իսկ յայտագիրը յագեցած էր գեղարուեստական ծրագիրով, երգով եւ ասմունքով, մասնակցութեամբ միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբին եւ մանուկներու պարախումբին։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Միութեան հիմնադրութեան 25-րդ ամեակը, ապա նշեց որ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան 25 տարիներու երթը եղաւ այնքան բեղուն, որ միութիւնը ունեցաւ իր սեփական կեդրոնը, պարբերաթերթը, օրաթերթը, երգչախումբն ու պարախումբը։ Առաջնորդ Սրբազանը մէջբերելով Միութեան հիմնի բառերը նշեց՝ որ իսկապէս ալ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը «Հայ մանուկին համար եղաւ վահան, երիտասարդին համար հաւատք եւ քաջութիւն», ապա յատուկ կերպով գնահատեց պատուական եւ պատմական իրաքահայերը, որոնք մնայուն կերպով զօրավիգ եւ սատար կանգնած են եւ գործօն մասնակցութիւն ունեցած են Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022