Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի կազմակերպած հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու վերապատրաստման համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Աւետիսեան սրահին մէջ:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց վարիչ գործավարուհի Տիկին Թամար Թիւֆէնքեան, իսկ Խնամակալ մարմինի անունով սրտի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան:
Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց սրտառուչ պատգամ, որով անդրադարձաւ Թարգմանչաց տօնին խորհուրդին, հայերէն լեզուի կարեւորութեան եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներու խաղացած յոյժ գնահատելի դերին, յատկապէս նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ եւ գնահատեց Խնամակալ մարմինը՝ համագումարի կազմակերպման մէջ իր ցուցաբերած բծախնդիր աշխատանքին համար, ուսուցիչները՝ նոր սերունդներու դաստիարակութեան ու կրթութեան գործին մէջ իրենց ցուցաբերած նուիրուածութեան համար:
Համագումարին մասնակցեցան հայկական վարժարաններու մէջ գործող մօտաւորապէս 500 ուսուցիչներ եւ կրթական մշակներ, որոնք օրուան ընթացքին առիթը ունեցան մասնագիտական դասախօսութիւններու հետեւելու եւ գործնական նիստերով վերաթարմացնելու իրենց գիտութիւնն ու փորձառութիւնը: