ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան

Երեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի՝ Գարօլին Շմաւոնեանի։ Ներկայ էին Նայիրի Տէրտէրեան (փոխ-ատենապետուհի), Ռիթա Հինդլեան (ատենադպիր), Սիլվա Թագւորեան (գանձապահ), եւ անդամներ՝ Մարալ Մաթոսեան, Նելլի Վէքիլեան, Լիզա Աւագեան, Սօնա Աքելեան, Վարսենիկ Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնականի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Վերժինի Թուլումեան եւ անձնակազմի անդամներ՝ Օժիկ Գրիգորեան եւ Նելլի Ներկիզեան։ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութենէն կ’ընկերանային ատենապետուհին՝ Սիլվա Փօլատեան եւ ատենադպրուհին՝ Մարալ Թուլումեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։

Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, յատկապէս ողջունելով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան առաջին այցը Ազգային Առաջնորդարան, դրուատեց ՀՕՄ-ի ծաւալած հայրենանպաստ ծառայութիւններն ու անձնուէր գործունէութիւնը, նշելով նաեւ որ Ազգային Առաջնորդարանը միշտ քաջալեր հանդիսացած է ՀՕՄ-ի ծաւալած մարդասիրական, կրթական եւ հայրենանուէր ծառայութեան։

Յանուն Կեդրոնական Վարչութեան, ատենապետուհին իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընծայած առիթին համար, նշելով որ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնն իսկ է մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութիւններով օժանդակել համայն հայութեան, ապա Առաջնորդին իբրեւ նուէր փոխանցեց ՀՕՄ-ի 110-ամեակին առթիւ Մայքըլ Արամի արուեստի գործէն գեղեցիկ յուշապնակ մը։

Հանդիպումը առիթ եղաւ տեսակէտներ փոխանակելու ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին. Կեդրոնական Վարչութեան անդամները անդրադարձան իրենց տեղական շրջաններու իրավիճակներուն, աշխարհատարած հայ գաղութներու ներկայ պատկերին, տարուած աշխատանքներուն, անոնց ենթակայ կառոյցներուն, կրթանպաստներուն եւ տնտեսական հարցերու։ Նշուեցաւ նաեւ, որ արդէն իսկ ձեռնարկուած է յառաջիկայ Հոկտեմբերին գումարուելիք համահայկական ժողովի կազմակերպման։

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի նուիրեալ ծառայողները, նշելով, որ անոնք ճիգ չեն խնայեր բարձր պահելու ՀՕՄ-ի ջահը սփիւռքի բոլոր օճախներուն մէջ Լիբանանէն մինչեւ հեռակայ շրջաններ եւ Հայրենիքի մէջ, ապա բոլորին փոխանցեց յուշանուէրներ՝ յաջողութիւն մաղթելով անոնց ապագայ ծրագիրներուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022