Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի 35-ամեակի Տօնախմբութեան

Կիրակի, 14 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ուիլսըն» հանրային վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 35-ամեակի տօնախմբութիւնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ ուղղեց իր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանին ընկերացաւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն դրօշակի արարողութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի ու ՀՕՄ-ի քայլերգներով, զորս յաջորդաբար կատարեցին Սուրէն Հազարեան եւ ՀՕՄ-ի շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտական երգչախումբը, խմբավարութեամբ Տիկին Լուսինէ Մելիքսէթեանի։ Հանդիսավարն էր Տիկին Սօնա Մատարեան։ Շրջանային Վարչութեան անունով խօսք առաւ Տիկին Մարալ Թուլումեան, գլխաւոր բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան։ Ցուցադրուեցաւ ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը պատկերող տեսաերիզ մը։ Երեկոն ունէր գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, որոուն մասնակցութիւն բերին Համազգայինի «Անի» պարախումբը, Նանօր եւ Ծովակ Սերայտարեան (ջութակի վրայ նուագներ), Դրօ Գրիգորեան (երգեր), ընկերակցութեամբ Արա Տապանճեանի, Տիկին Մարալ Վարժապետեան (ասմունք) եւ շաբաթօրեայ վարժարանի երգչախումբը։

Հանդիսութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը, նաեւ յանձնեց ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղին 100-ամեակին առիթով իր շնորհած օրհնութեան գիրը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022