ՀՕՄ-ի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղը Շաբաթ, 17 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Պըրպէնքի «Տի Լաքս» սրահին մէջ տօնեց հիմնադրութեան 100-ամեակն ու իր հաստատած շաբաթօրեայ դպրոցի 50-րդ տարեդարձը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ իր շնորհաւորանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց ՀՕՄ-ի ընտանիքին եւ մասնաճիւղի ծառայողներուն։
Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։ Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական, Շրջանային ու մասնաճիւղերու վարչութեանց, միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։
Բացման խօսքը արտասանեց Տիկին Մայտա Շահինեան, որ կատարեց հանդիսավարութիւնը։
Իր օրհնութեան խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով խօսեցաւ մասնաճիւղի հիմնադիրներուն եւ անոնց աւանդը ամբողջ դար մը պահպանողներուն ու շարունակողներուն մասին, անձնական վկայութիւն տուաւ մասնաճիւղի բարեսիրական, կրթանպաստ եւ հայրենաշէն աշխատանքներուն մասին։ Ան նշեց, որ Հոլիվուտի հայկական համայնքը բազմաթիւ իմաստներով ռահվիրայի դեր ունեցած է Արեւմտեան մեր Թեմի հայութեան կեանքին մէջ, այստեղ հիմնուած է Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին, տարիներ շարունակ Ազգային Առաջնորդարանը գործած է Հոլիվուտի մէջ, նմանապէս այս շրջանին մէջ գործած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաջին մասնաճիւղը, Հ.Յ.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէն եւ հայկական այլ միաւորներ, հետեւաբար, այս շրջանը դարձած է մայր գաղութ»։ Կեդրոնանալով ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի լայնածիր ծառայութիւններուն վրայ՝ կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, մասնաճիւղի 100-ամեակը կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին, ու մաղթեց, որ այս ու ՀՕՄ-ի բոլոր միաւորներուն նուիրեալ ծառայութիւնները շարունակուին ի սպաս մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին։
Սրտի խօսքեր արտասանեցին Շրջանային ու մասնաճիւղի Վարչութեանց ներկայացուցիչները՝ Տիկնայք Սիլվա Փօլատեան եւ Վարդուհի Թաւուգճեան։ Գնահատանքի գիրեր շնորհուեցան խորհրդարանականներ Էտըմ Շիֆի, Քեւին Տը Լիոնի, Լօրա Ֆրիտմընի, Էնթընի Փորթանթինոյի ու Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի ու քաղաքի 13-րդ ընտրաշրջանի ներկայացուցիչ Միչ Օֆէրըլի կողմէ։ Յատուկ գնահատանքի արժանացան նախկին ատենապետները, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ կարկանդակի հատում։ Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերին Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը եւ ջութակահար Ալէն։