Ուրբաթ, 9 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, հայկական կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ ու բարեսիրական միութեան բարեկամներ եւ բարերարներ։
Հայկական ու ամերիկեան քայլերգներու կատարումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ու հոգեւոր հայրերու հետ կատարեց բացման աղօթքը, ապա արտասանեց շնորհաւորանքի եւ օրհնութեան խօսք մը, վեր առնելով ՀՕՄ-ի ժողովուրդանուէր ու հայրենաշէն ծառայութիւնները, որոնք կ’իրականացուին Շրջանային Վարչութեան ու անոր հովանիին տակ գործող միաւորներու անխոնջ աշխատանքով։
Խօսք առին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիկ. Մարալ Մաթոսեան եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տիկ.
buy professional pack online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/professional-pack.html no prescription
Սիլվա Փոլատեան. ճաշի պահուն ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէն մը, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն։ Երեկոն շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով։