Չորեքշաբթի, 29 Յուլիս 2015ի առաւօտեան, Ասորի եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի համայնքի Քորեպիսկոպոս Գերպ. Ճորճ Պէթ Ռաշօ, ընկերակցութեամբ ասորի հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներու, այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան:
Այցելութեան նպատակն էր Առաջնորդ սրբազանը պաշտօնապէս հրաւիրել մասնակից ըլլալու միջ-եկեղեցական արարողութեան, որ պիտի ոգեկոչէ Թուրքիոյ կողմէ Ասորի, Հայ եւ Յոյն ժողովուրդներուն դէմ 1915ին գործադրուած ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Հիւր ներկայացուցիչները փափաք յայտնեցին, որ Առաջնորդ Սրբազանը եւս պատգամ մը փոխանցէ միջ-եկեղեցական այդ արարողութեան ընթացքին, որ նախատեսուած է Երեքշաբթի, 4 Օգոստոսի երեկոյեան, Ասորի համայնքի Թարզանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ:
Հիւրերը Առաջնորդարանին նուիրեցին Ասորերէն լեզուով Աստուածաշունչ մը, իսկ Սրբազան Հայրը Առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած յուշանուէրներ փոխանցեց հիւրերուն: Մտերմիկ զրոյցէ մը ետք, հիւրերը գոհունակ սրտով մեկնեցան: