Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 2021-2022 Տարեշրջանի Վերամուտ – «Հայ Դպրոցը Ազգի Յաւերժութիւնը Ապահովող Լուսաւոր Փարոս Է», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը

Արեւմտեան Թեմի Ազգային բոլոր վարժարանները կրթական նոր՝ 2021-2022 տարեշրջանի վերամուտի զանգին ընդառաջ, իրենց դռները լայն բացին 18 Օգոստոս 2021-ին եւ ուրախութեամբ ընդունեցին իրենց հին եւ նոր աշակերտներն ու անոնց ուղեկցող ծնողները: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր վերամուտի պատգամը ընթերցուեցաւ Ազգային բոլոր վարժարաններուն մէջ, իրենց շրջաններու հոգեւոր հովիւներուն կողմէ:

Չորեքշաբթի, 18 Օգոստոս 2021-ի առաւօտեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Ազգային Ֆերահեան վարժարանի վերամուտի հանդիսութեան, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, ուր ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, տնօրէնութիւն, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ: Հոգեւոր հովիւին առաջնորդութեամբ հնչեց Տէրունական աղօթքը, ապա տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան ողջունեց ներկաները եւ յոյս յայտնեց, որ այս տարեշրջանին, վերամուտի զանգէն սկսեալ մինչեւ տարեշրջանի աւարտ անխափան կը շարունակուին դասաւանդութիւնները, վերջ կը գտնէ համաճարակային առօրեան, եւ կեանքը կը գտնէ իր բնականոն հունը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ Ազգ. վարժարանները յաջողեցան իրականացնել վերամուտ՝ նոր յոյսերով առլցուն, ապա տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն մաղթեց օրհնեալ եւ բեղուն տարի մը, իսկ աշակերտութեան՝ «աշակերտի յատուկ անհոգ, թեթեւ եւ առանց մտահոգութեան» տարեշրջան մը: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ այս տարի, յարաբերաբար նախորդ տարուան ըլլայ աւելի պայծառ, որպէսզի բոլոր հայկական վարժարանները եւ մասնաւորաբար ազգայինները կարենան իրենց կրթական ծրագիրը լաւապէս իրագործել եւ ակնկալուած արդիւնքը տալ, առանց յաւելեալ տագնապներու եւ դժուարութեանց: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նաեւ շեշտեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը իր գործադիր իշխանութեամբ եւ ինք՝ որպէս Առաջնորդ, ազգային վարժարաններու յաջողութեան հետամուտ են, ապա սրտագինս մաղթեց, որ հայ բարերարներն ու բարեկամները շարունակեն իրենց անսակարկ զօրակցութիւնը ցուցաբերել Հայ Դպրոցին, որ «մեր ազգին յաւերժութիւնը ապահովող լուսաւոր փարոսը եղած է եւ է՛, հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան ընթացքին»:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022