Ինչպէս գիտէք, Կիրակի, 31 Մայիսէն ի վեր, մեր Թեմի եկեղեցիները վերաբացին իրենց դռները, սակայն որոշ սահմանափակումներով։
Ուրախ ենք յայտնելու, որ այս շաբաթ նաեւ վերսկսան Ս. Գրոց սերտողութիւնները, սակայն նոյն սահմանափակումներով։
Մանրամասնութեանց համար կը խնդրուի դիմել մեր եկեղեցիներու գրասենեակները։