Քրեսենթա Հովիտի Հայ Կեդրոնը Վերանուանուեցաւ «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան Երիտասարդական Կեդրոն»

Կիրակի, 8 Ապրիլ 2018-ի յետմիջօրէին, ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, տեղի ունեցաւ Քրեսենթա Հովիտի Հայ Կեդրոնի անուանակոչութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը. կառոյցը կոչուեցաւ «Տէր եւ Տիկին Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան Երիտասարդական Կեդրոն», շնորհիւ ամոլին ազնիւ բարերարութեան։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, քաղաքական ներկայացուցիչ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան եւ անդամներ, Քրեսենթա Հովիտի «Զաւարեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Մայք Քէլէշեան եւ անդամներ, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան եւ խորհուրդի անդամներ, Ազգ. Վարչութեան անդամներ եւ բարերար ամոլը՝ Տէր եւ Տիկին Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան ու իրենց զաւակները՝ Արի եւ Սարօ ու իրենց ընտանիքները։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազանը, կողքին ունենալով Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանը, յատուկ աղօթքով կատարեց կեդրոնին օրհնութիւնը, որուն հետեւեցաւ բարերարին անունը կրող ցուցատախտակին քողազերծումն ու ժապաւէնի հատումը։ Սրահին մէջ, հանդիսավարը՝ Տիար Արիք Գէորգեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, իսկ Փորթանթինօ յանձնեց գնահատանքի հռչակագիր մը։

Իր օրհնութեան խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ նշեց, թէ անուանակոչութեան այս արարողութիւնը կը զուգադիպի Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկի օրուան, որ խորհրդանիշ է վերանորոգումի, հետեւաբար, կեդրոնին անուանակոչութեան այս արարողութիւնն ալ արտայայտութիւն մըն է վերանորոգութեան ու վերակենսաւորման։ Ան շնորհաւորեց «Զաւարեան» կոմիտէութիւնը եւ անոր ճամբով՝ Դաշնակցութեան ամբողջ ընտանիքն ու համայնքը, ընդգծելով, որ «ընտանիքի մը մէկ անդամին իրագործումը բոլորին իրագործումը կը համարուի»։ Ան մասնաւորապէս օրհնեց վաստակը բարերարներուն, որոնց ծառայութիւններն ու նուիրաբերումները կը բաշխուի մեր համայնքի բազմաթիւ կառոյցներուն, «անոնց անունին կը հանդիպինք մեր բազմաթիւ կառոյցներուն մէջ, իբրեւ ազնիւ բարերարներու»։ Ան վեր առաւ նման կեդրոններու կենսական կարեւորութիւնը հայութեան հաւաքական կեանքին մէջ, եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն կողքին, իբրեւ միջնաբերդերը մեր հաւատքին ու ազգային ժառանգութեանց. այս կեդրոնները նաեւ ապահով միջավայր են մեր ժողովուրդին ու մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդին համար։ Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այս հանդիսաւոր արարողութիւնը կարելի է դիտել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, իբրեւ խորհրդանիշ հայութեան վճռակամութեան ու վերածաղկումին, ու իր խօսքը եզրափակեց յորդորելով համայնքի զաւակները, որպէսզի գործակցութիւնը շարունակեն եղբայրական սիրով, բարի կամեցողութեամբ եւ վերանորոգ խանդավառութեամբ։

Սրտի խօսքեր արտասանեցին Տիար Մայք Քէլէշեան՝ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» կոմիտէին անունով, Տիար Սարօ Տէր Յովհաննէսեան՝ բարերար ընտանիքին անունով, եւ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան՝ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէին անունով։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022