Առաջնորդ Սրբազան Կատարեց Ֆրեզնոյի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» Մշակութային Կեդրոնի Օրհնութիւնը


Շաբաթ, 11 Մարտ 2017ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ֆրեզնոյի մէջ մասնակից եղաւ «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» մշակութային վերանորոգուած հայ կեդրոնի բացման արարողութեան ու կատարեց օրհնութեան աղօթքը: Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդր. Կոմիտէի, Ազգային Վարչութեան, ,Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ համայնքի անդամներ:

Արարողութիւնը պաշտօնապէս սկսաւ կեդրոնի օրհնութեան Առաջնորդ Սրբազանին աղօթքով, որմէ ետք կատարուեցաւ ժապաւէնի հատումը: Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էին Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ Բարշ. Մարք Սրկ. Շիրին: Պատրաստուած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին, ներկաները առիթ ունեցան ծանօթանալու վերանորոգուած կեդրոնին բաժանմունքներուն:

Պաշտօնական յայտագիրը վարեց Տաթեւիկ էքիզեան: Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները կատարեցին դրօշակի արարողութիւնը եւ տողանցեցին սրահին մէջ:

Օրհնութեան եւ շնորհաւորական իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ սփիւռքահայ որեւէ համայնքի կեանքին մէջ եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ մշակոյթի կեդրոններու հիմնական դերակատարութեան՝ իբրեւ գլխաւոր սիւներ ազգային կառոյցներուն: «Այս երեք միաւորները, իբրեւ զիրար ամբողջացնող միութիւն, կը կազմեն մեր հաւաքական կեանքի ծաղկումին ու ազգային աւանդներու պահպանման բանալին՝ սփիւռքեան մօտակայ ու հեռաւոր ափերուն, ու պիտի շարունակեն մնալ գրաւականը մեր գոյատեւման, նոր սերունդներու կեանքին մէջ եկեղեցական ու ազգային արժէքներու պահպանման», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը: Ան նշեց, որ 2017ը հռչակուած է Վերանորոգումի Տարի, ինչ որ բոլորս՝ անհատապէս ու հաւաքաբար կը դնէ վերանորոգուելու ազնիւ մարտահրաւէրներու դիմաց, եւ իբրեւ փաստացի օրինակ՝ յիշեցուց, որ Քալիֆորնիոյ կեդրոնական այս գօտիին մէջ հայութիւնը իր աւելի քան մէկ դարու ազգային կեանքը կերտած է ու վերապրած՝ շնորհիւ ինքզինք նորոգելու եւ վերակենսաւորելու իր արժանիքին: Ան մասնաւորաբար վեր առաւ մշակութային կեդրոնին վիճակուած բարերար դերը՝ երիտասարդ սերունդի կեաքին մէջ, որովհետեւ կեդրոնը ապահով հաւաքավայր մըն է նոր սերունդին համար, ուր անոնք առիթը կ’ունենան ամրապնդելու իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ մասնակից կ’ըլլան հաւաքական կեանքի ծաղկումին: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կիւրեղեան բարերար ամոլին մասին, շնորհաւորեց կեդրոնին պատասխանատուները՝ այս ծրագիրին յաջողութեամբ պսակման առիթով, շնորհաւորեց «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութիւնն ու Ֆրեզնոյի հայ համայնքը, գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ նուիրեալ ծառայողներուն, բարերարներուն ու զօրակիցներուն մասին, եւ իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով երիտասարդութեան, որպէսզի բոլորուին մեր եկեղեցւոյ, կրթական հաստատութեանց ու հայկական կեդրոններուն շուրջ, իսկ երէց սերունդին՝ որ առաջնորդ ըլլայ անոնց քայլերուն:

Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Հաւաթեանն ու կոմիտէութեան անդամներէն՝ Րաֆֆի Շխրտմեան։ Պետական անձնաւորութիւններ ներկայացուցին գնահատագիրներ։

Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց նաեւ ՀՕՄի գրասենեակը, որուն բարերարութիւնը յանձն առած է ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան ամոլը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022