Լաս Վեկասի հայ համայնքի պատմութեան մէջ, Ուրբաթ, 5 Հոկտեմբերը եղաւ նորագոյն յիշատակելի օրը, երբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ներկայութեամբ եւ յատուկ աղօթքներով ու օրհնութեամբ, շրջանի ազգայինները ականատես եղան Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ նոր կառոյցին վրայ գմբէթի կառոյցին բարձրացման ու զետեղման։
Յայտնած էինք, որ Առաջնորդ Սրբազանը Հինգշաբթի, 4 Հոկտեմբերին Լաս Վեկաս մեկնած էր, մօտէն հետեւելու համար եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն, որոնք յարաճուն թափով կը շարունակուին ու հասած են շինութեան մարմնաւորման հանգրուանին։ Առաջնորդ Սրբազանը Հինգշաբթի օր հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի, ծխական յանձնախումբի ատենապետ Տիար Ատրուշան Արմէնեանի ու գործակիցներուն, ինչպէս նաեւ Dream Fundի Լաս Վեկասի ներկայացուցիչ Լինտի Շումախըրի։ Ծխական համայնքի ներկայացուցիչները Առաջնորդ Սրբազանին զեկուցեցին, որ շինարարական աշխատանքները կը զարգանան արագ թափով, եւ արդէն հասած են գմբէթի կառոյցին բարձրացման հանգրուանին։ Հետեւաբար, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւին, Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիար Վահան Պզտիկեանի, ծխական յանձնախումբի ատենապետին ու անդամներու, շինարարական աշխատանքներու մասնակցիներու եւ ազգայիններու, Առաջնրոդ Սրբազանը Ուրբաթ կէսօրին ժամանեց շինարարութեան վայրը, կատարեց գմբէթին օրհնութիւնը եւ խաչին զետեղումը։ Ներկայ էր եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Տիար Լէրի Պարնզ, որ իշխանական նուիրատուութիւններով կը հոգայ այս ծրագիրին իրականացումը։ Անոր փափաքով, Ս. Կարապետ եկեղեցին յուշակոթող մըն է անոր հանգուցեալ տիկնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի ընտանիքի անդամներուն, Վանի շրջանէն, նահատակուած՝ Ցեղասպանութեան օրերուն։ Ներկայ էին նաեւ Dream Fundի ներկայացուցիչ Լինտի Շումախըր եւ Տիկին Արտա Եմէնիճեան։
Յիշեցնենք, որ գմբէթին խաչը օծած էր Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, 2011ի Հոկտեմբերին, մեր Թեմին իր շնորհած հովուապետական այցելութեան առիթով։
Գմբէթին շէնքին վրայ բարձրացումն ու զետեղումը ստեղծեց տօնական մթնոլորտ. ներկաները գիտէին թէ ականատես կþըլլան պատմական իրագործումի մը, որ խորքին մէջ մէկ հանգրուանն է եկեղեցի-հայ կեդրոն համալիրի կառուցման այլապէս պատմական գործին։ Սրտի խօսք մը արտասանելով, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց բոլոր ներկաները, որոնք այսօր ականատես վկաներն են գմբէթի կառոյցի բարձրացման պատմական արարողութեան։ Ան բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ ու կողքի հայ կեդրոնին շինարարական աշխատանքները փոյթով յառաջ տանելու ծխական յանձնախումբի նուիրումն ու նախանձախնդրութիւնը, անգամ մը եւս մեր Թեմի ու Լաս Վեկասի հայութեան երախտագիտութիւնը արտայայտեց ազնիւ բարերարին՝ Լարէ Պարնզի, Dream Fundին եւ անոր ներկայացուցիչին՝ Լինտի Շումախըրի, ու բոլոր նուրատուներուն, որոնք այս համալիրին մէջ կը տեսնեն իրենց տասնամեակներու երազին մարմնաւորումը։ Ան մաղթեց, որ աշխատանքը նոյն թափով շարունակուի եւ ծխական այս շրջանը մօտիկ ապագային օժտուի եկեղեցի-հայ կեդրոն ամբողջական համալիրով։
»Ուրախ Լեր« շարականի երգեցողութեամբ, գմբէթին կառոյցը բարձրացուեցաւ ու զետեղուեցաւ շէնքին վրայ։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին աղօթքով։
Եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքին ամբողջացումէն ետք, կողքի սրահը (որ առժամաբար կþօգտագործուի արարողութեանց համար) պիտի դառնայ շրջանի տարբեր սերունդներուն՝ երէցին ու պատանիին ազգային ու մշակութային կարիքներուն բաւարարութիւն տուող ժամադրավայր։ Անիկա պիտի օժտուի գրադարանով ու դաստիարակչական այլ հնարաւորութիւններով։ Այս բոլորը շրջանի հայութիւնը կը պահեն ազնիւ մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման. աշխատանքի այժմու ընթացքը հաւաստիք կու տայ, որ մարտահրաւէրը պիտի առաջնորդէ յաջողութեան։