Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, Չորեքշաբթի, 14 Օգոստոս 2019-ին, Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցին մէջ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք, նախագահութեամբ Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի։ Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէին Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանը, Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանը եւ Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանը։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ հիւանդանոցի նախագահ Տիկին Ալիս Իսայի, իսկ հոգեւոր աւագ խորհրդատու Ալ Կարսիլազօ կատարեց բացման աղօթքը։
Առաջնորդական Փոխանորդը իր խօսքին մէջ շեշտեց աղօթքի կարեւորութիւնն ու ուժականութիւնը, որ ազդեցութիւն կը թողու նաեւ ֆիզիքականին վրայ, նշելով, «Մենք եկած ենք աղօթելու հիւանդաց բժշկութեան եւ մխիթարութեան համար»։ Վերափոխման տօնին առիթով, ան բոլորը հրաւիրեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը խնդրելու Իր Որդւոյն Քրիստոսի մօտ։ Առաջնորդական Փոխանորդը իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով բոլորը եւ յորդորելով, որ հաստատ մնան իրենց հաւատքին, նուիրեալ ծառայութեան ու առաքելութեան մէջ։
Այնուհետեւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։
Փակման աղօթքը կատարեց հոգեւոր խորհրդատու Իլիաս Մոլինա։