Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, եւ համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, այս տարի եւս` Չորեքշաբթի, 10 Օգոստոս 2016-ին, խաղողի օրհնութեան արարողութիւն կատարուեցաւ Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցի մատրան մէջ, ձեռամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանի, Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեանի եւ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի։
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ հիւանդանոցի նախագահ Տիար Քեվըն Ռոպըրթս։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց քահանայ հայրերուն տարիներէ ի վեր շարունակուող այս գեղեցիկ աւանդութեան համար, նշելով որ այսպիսի առիթներ ոյժ եւ կորով կը պարգեւեն հիւանդներուն եւ քաջալեր կը հանդիսանան հաստատութեան առաքելութեան։
Բացման աղօթքը կատարեց Chaplain Ալ Կարսիլազօ, որուն յաջորդեց խաղողի օրհնութեան արարողութիւնը։
Ապա, Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյններն ու օրհնութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն եւ հաստատութեան հին ու ներկայ տնօրէնութեան, որոնք ամէն տարի առիթ կþընձեռեն կայացնելու այս Աստուածահաճոյ արարողութիւնը։
Փակման աղօթքը կատարեց Chaplain Իլիաս Մոլինա, ապա քահանայ հայրերը այցելեցին հիւանդներուն, աղօթեցին անոնց համար եւ օրհնուած խաղող մատակարարեցին։