Առաջնորդ Սրբաան Նոր Օրհնուած Միւռոնով Ջրօրհնէք Կատարեց Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ


Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքի զաւակները Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2015ին հաղորդակից դարձան Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան, որ տեղի ունեցած էր անցեալ Յուլիսին, Լիբանանի Պիքֆայա աւանի Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ, Նահատակաց Յուշակոթողին առջեւ, ձեռամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաջնորդ Սրբազաններու:

Ինչպէս ծանօթ է, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, մասնակցելէ ետք Միւռոնօրհնէքի արարողութեան, մեր Թեմը բերած էր նոր օրհնուած միւռոն, եւ անցեալ ամիսներուն, հերթաբար այցելեց մեր եկեղեցիները, ուր կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, որպէսզի մեր հաւատացեալ ժողովուրդը նոր օրհնուած միւռոնով սրբագործուած ջուրով իր ընտանեկան յարկը կամրջէ մեր դարաւոր պատմութեան ու քրիստոէական աւանդներուն: Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակի, 25 Հոկտեմբերին հանդիսապետեց Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ կատարեց ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը, որ այս արարողութիւններու շարքին վերջինն էր: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան եւ Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, ազգային երեսփոխաններ եւ եկեղեցւոյ ծառայողներ:

Խոստովանանքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը, ապա, պատարագիչը՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, Միւռոնաթափ Աղաւնին «Կենդանարար Աստուած» շարականին երգեցողութեամբ բարձրացուց Ս. Խորան. Առաջնորդ Սրբազանը «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականին երգեցողութեամբ եւ Ս. Միւռոնի հեղումով կատարեց ջրօրհնէքը: Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկայութիւնը Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն եւ եկեղեցւոյ ծառայողներուն, ու մաղթեց, որ խոստովանանքի այս մթնոլորտին մէջ, Սրբալոյս միւռոնի կենարար ներկայութիւնը նոյն ոգիով ներգործութիւն ունենայ հաւատացեալներու կեանքին վրայ: Առաջնորդ Սրբազանը շարունակեց ըսելով, որ միւռոնօրհնէքի իւրաքանչիւր արարողութիւն պատմական հանգրուան մը կը կերտէ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ, իսկ այս տարի, Միւռոնօրհնէքը կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, հետեւաբար, նոր օրհնուած միւռոնը ոչ միայն մեզ հաղորդակից կը դարձնէ մեր եկեղեցւոյ հիմնադիր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին կողմէ սկզբնաւորուած միւռոնօրհնէքի խորհուրդին հետ, այլ նաեւ կը տոգորէ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ Ապրիլին սրբադասուած մեր նահատակներուն ոգիով ու մեզ յանձնառու կը դարձնէ վերանորոգելու քրիստոնէութեան ու հայութեան արժէքներուն հաւատարմութեան ուխտին:

Նկատի ունենալով, որ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Կիրակին Գիւտ Խաչի տօնն էր, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ պատմական այդ դէպքին եւ քրիստոնեային համար խաչի կենարար զօրութեան: Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ Քրիստոսի խաչին գտնուելու դէպքին մասին, որ հոգեկան ցնծութեան ու վերածնունդի առիթ եղաւ Հեղինէ թագուհիին համար: Ան մաղթեց, որ խաչի գիւտին ստեղծած վերածննդեան ոգիով, Սրբալոյս Միւռոնի կաթիլները եւս հոգեւոր ցնծութեան եւ պայծառացման առիթ ըլլան մեզի համար: Ան շեշտեց, որ խաչը մեզի համար լոյս է ընդդէմ կեանքի խաւարին, յոյս ու ապաւէն է թուլութեանց ու տկարութեանց մէջ, յաղթանակ է ընդդէմ պարտութեան, կեանք է մեռելութեան դէմ:

Առաջնորդ Սրբազանին պատգամէն ետք, հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան եւ օրհնուած ջուրէն բաժին առնելով տուն վերադարձան՝ հայկական յարկերը լուսաւորելու միւռոնին ներգործութեամբ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022